2015-02-27 10:04:25

Ս. Անտոն Անապատական` վանական կեանքին հիմնադիր


Սուրբ Անտոն ճգնաւորը կամ Անապատականը` հայրն ու հիմնդիրն է ճգնաւորական կամ վանական կեանքի: ԱՆ ծնած է Եգիպտոսի Կոմա գիւղին մէջ 251 թուականին, ազնուական ծնողներէ: Ծնողներուն մահէն ետք, Ս. Անտոն ժառանգեց անոնց հարստութիւնը : Սակայն օր մը, եկեղեցւոյ մէջ աւետարանական հետեւեալ խօսքը լսեց. «եթէ կ՛ուզես կատարեալ ըլլալ գնայ ծախէ ինչ որ ունիս ու աղքատներուն բաժնէ եւ երկնքի մէջ գանձեր կ՛ունենաս»: Այս խօսքերէն առաջնորդուելով, Անտոն կը ծախէ իր ողջ ունեցածը եւ կ՛ապրի աղօթքի, պահեցողութեան ու բարեգործութեան ոգիով:
Որոշ ժամանակ անց ան կը հեռանայ իր հայրենի գիւղէն եւ բնակութիւն կը հաստատէ մօտակայ քարայրերուն մէջ, ուր, ըստ իր վարքագիրներուն, հոգեւոր պայքարներ կը մղէ վայրի գազաններու կերպարանքով իրեն մշտապէս յայտնուող դեւերու հետ: Համբերութեամբ դիմակայելով բոլոր փորձութիւններուն, Ս. Անտոն կը հեռանայ անմարդաբնակ անապատ մը եւ 20 տարիներ շարունակ կ՛ապրի մեկուսացած: Լսելով անոր սրբակենցաղի մասին, շատեր կը ձցեն իրենց տուները եւ կը հեռանան անապատ ճգնելու նպատակով: Անսալով իր հոգեւոր եղբայրներու թախանձանքներուն` Սուրբ Անտոն կ՛ելլէ իր ճգնարանէն ու ներկաներուն կը բացատրէ վանական կանոնները, որոնք յետագային կը դառնան վանական կեանքի ուղեցոյց:
Սուրբ Անտոն կը վախճանի 306 թուականին, 105 տարեկան հասակին՝ արժանանալով երկնային անթառամ պսակին՝ իր աներեր հաւատքով ու հոգեւոր մեծ զօրութեամբ օրինակ դառնալով բոլոր ժամանակներու քրիստոնեաներու համար:
Ճգնութեան մասին խօսելով ան կ՛ըսէ. « ճգնութիւններուն ձեռնարկենք եւ չձանձրանանք: Քանի որ անոնցմով մենք գործակից կը դառնանք նաեւ Տիրոջ, ինչպէս գրուած է. «Բարին ընտրողներու համար Աստուած գործակից է անոց բարիքի համար» (Հռոմ. 8, 28): Ասոր համար, որպէսզի չթուլանանք, բարի է նաեւ մտաբերել առաքեալի հետեւեալ խօսքը. «Ամէն օր կը մահանամ» (Ա Կորնթ. 16, 31): Քանզի, եթէ մենք սկսինք ապրիլ կարծես թէ ամէն օր մեռնողներ ենք, ապա չենք մեղանչեր: Ամէն օր արթննալով խորհինք, թէ մինչեւ երեկոյ պիտի չ՛ապրինք եւ դարձեալ քնանալու պատրաստուելու ժամանակ մտածենք, որ պիտի չ՛արթննանք, որովհետեւ մեր կեանքի սահմանը անյայտ է, մեր բնութեան պատճառով, անյայտ է նաեւ այն, թէ ամէն օրուայ համար ինչ չափ կը դնէ Նա-խախնամութիւնը: Այսպէս տրամադրուելով եւ ամէն օր այսպէս ապրելով` մենք ո՛չ կը մեղանչենք, ո՛չ ալ որեւէ բանի մը կիրքը կ՛ունենանք, ո՛չ ալ զայրոյթով կը բորբոքինք ոեւէ մէկուն նկատմամբ, ո՛չ ալ երկրի վրայ մեզի գանձեր կը դիզենք: Այլ որպէս ամէն օր մահ ակնկալողներ, ժուժկալ կ՛ըլլանք եւ բոլոր մարդոց ամէն ինչ կը ներենք. մեր մէջ նույնիսկ մէկ ակնթարթ կին չենք ցանկար կամ որեւէ այլ անմաքուր հաճոյք չենք պահեր, այլ նոյն պահին կը շրջինք անոցնմէ որպէս վաղանցուկ բաներէն, միշտ մնալով որպէս մահուան հոգեվարքի մէջ եւ դատաստանի օրուայ տեսութեամբ: Քանի որ սաստիկ վախն ու չարչարանքներուն երկնչիլը կ՛ոչնչացնէ հեշտութեան հաճույքը եւ վեր կը բարձրացնէ դէպի անկում գնացող հոգին»:







All the contents on this site are copyrighted ©.